ա. Հարցազրոյցները գրառուած են այնպէս ինչպէս խօսքը արտաբերուած է հարցազրուցատուի բերնէն:
բ. Զերծ մնացած ենք քերականական սրբագրութիւններէ, պահելով հարցազրուցատուի լեզուի հարազատութիւնը:
գ. Որոշ պարագաներու լեզուական սխալներու կողքին փակագիծերու մէջ () տուած ենք ճիշդ օրինակը: Այսպէս. «Խորամանք (խորամանկ) են:»:
դ. Հարցազրոյցներու մէջ բանաւոր սայթաքումները, կիսովին արտասանուած կամ կիսատ մնացած միտքերը ամբողջացուցած ենք՝ վերականգնելով նախադասութեան ամբողջական միտքը: Մեր կողմէն ներմուծուած մասնիկները, տառերը եւ բառերը ուղղահայեաց փակագիծերու [] մէջ առած ենք: Այսպէս. «Մինչեւ 70 [-ական] թուականներ [ը]…» / «Տուները ասա[ն]կ քարաշէն էի՞ն այն ատեն»:
ե. Հարցազրոյցներու մէջ յաճախ անհասկնալի, անլսելի կամ անըմբռնելի մասերը, որոնք նախադասութեան մէջ իմաստային բաց ձգած են, նշուած են ուղղահայեաց փակագիծերու մէջ կախման կէտերով […]: Այսպէս. «Իշտէ, դրացիներուն հետ յարաբերիլ […] ես […] իտալացիներուն հելօ–հելօ կ’երթամ-կու գամ»:
զ. Հարցազրուցատուի խօսքի կշռոյթը եւ բանաւոր արտայայտութիւններու երանգները հարազատօրէն արտայայտելու համար երբեմն ստիպուած եղած ենք կետադրական կանոնները համաձայնեցնել անոր խօսքի կշռոյթին եւ արտասանուած խօսքի շնչային դադարներուն: Այսու ամենայնիւ, փորձած ենք այդ շեղումները սահմանափակել:
է. Հարցազրոյցներուն մէջ մեզի անծանօթ անունները, անձնանունները, տեղաանունները, պատմական դէպքերը եւ իրադարձութիւնները գունանշած ենք: Այս տեղեկութեան բացը լրացնելու համար պիտի խնդրէինք մեր գիտակ ընթերցողներէն իրենց լուսաբանութիւններով զանոնք ամբողջացնէին: