Սպանական Ճանապարհորդագրութիւն
Կիրակի, 11 սեպտեմբեր
Դէպի Պուրկոս
․ Աստեղազարդ երկինքին տակ ճամբայ կ’ելլեմ: Գոհ չեմ կեցութեանս պայմաններէն: Գիշերը հանգիստ չքնացայ: Չինացիներուն հետ գրեթէ միեւնոյն ժամանակ քալելու կը սկսիմ: Ժամանակ մը անց` իրենցմէ առաջ կ’անցնիմ: Տեղ մը կու գայ, որ ճամբան երկուքի կը բաժնուի, մէկը տեսարժան վայրերէ կ’անցնի, իսկ միւսը՝ ճարտարարուեստական մասերէն: Վերջինը աւելի կարճ է: Կ’առնեմ կարճ ճամբան: Մէկէն առաջ իջեւանին առջեւ տեղի համար հերթի կեցած եմ: Կ’արձանագրուիմ: Պայուսակս չէ հասած, կը սպասեմ այն սրճարանին առջեւ, ուր պէտք է առաքուի՝ ճիշդ իջեւանին դիմաց: Կը զրուցեմ մի քանի հոգիներու հետ, որոնցմէ մէկը Լոնտոնէն ճամայքական ծագումով բրիտանացի Լորէնն է: Պայուսակս հասած է, կը լոգնամ ու կը հանգչիմ:
․ Պուրկոսը պատմական քաղաք մըն է, պէտք է ճանչնալ զայն ոտքերուս կարողութեան ներած չափով: Կը ձգեմ իջեւանս, ձախ կը դառնամ ու կը սկսիմ փողոցն ի վար քալել, երբ յանկարծ ետեւէս կը լսեմ «բարեւ» մը: Անակնկալի եկած ետեւ կը դառնամ: Այն նոյն տղան էր, որուն օգնութեանը դիմած էի, երբ նոր հասած իջեւանիս առջեւ՝ կը փնտռէի պայուսակիս առաքումի վայրի հասցէն: Ինք ալ ինծի պէս կորսուած մըն էր: Զինք թուրքի նմանցուցած էի: Հայ ըլլալս Լորէնէն իմացած էր: Կը կանգնիմ բարեւին կը փոխադարձեմ եւ կը սկսիմ արեւմտահայերէն խօսիլ: Դժբախտաբար լեզուն չի գիտեր, խօսակցութիւնը անգլերէնով կը շարունակենք: Հօրը կողմէն հայ եւ մօրը կողմէն իտալացի ամերիկահայ մըն է, անունը՝ Ալեքս Համօ: Ամերիկահայ կ’ըսեմ, որովհետեւ իր հայկական ծագումին գիտակից՝ քսաններու սկիզբը երիտասարդ մըն է: Երկու շաբաթ առաջ Հայաստան է եղեր, այցելեր է իր ազգականներուն: Կ’երթանք բաժակ մը գարեջուր կը խմենք ու կը զրուցենք: Լեզուաբանութիւն ուսանած է, ներկայիս ուսուցչութիւն կ’ընէ: Արկածախնդրական ոգիի տէր այս տղան խելացի եւ արթուն է, տարբեր՝ միւս նիւթապաշտ………..: Հոգեկան եւ իմացական արժէքներու անհրաժեշտ հասկացողութիւնը ունի: Ընդհանուր ծանօթացում մըն է որ կ’ունենանք, կը խօսինք իւրաքանչիւրիս զբաղումներուն, մասնագիտութեան, անձնական պարագաներուն, Սփիւռքի, Հայաստանի եւ այլեւայլ նիւթերու շուրջ: Կը բաժնուինք երեկոյեան միասին ընթրելու պայմանաւորուածութեամբ: Ամբողջովին ուրիշ զգացողութիւն է Պուրկոսի պէս հայ շունչ չունեցող քաղաքի մը մէջ հայրենակիցի մը հանդիպիլ: Վայրերը յաճախ իւրայատուկ նշանակութեամբ մը կը պարագծեն հանդիպումները, անսպասելի ուժականութիւն մը կու տան անոնց, իրենց անջնջելի հետքը ձգելով զգացական եւ իմացական իմաստով: Այն խենթերէն չեմ, որ գացած տեղս հայ կը փնտռեմ, բայց նաեւ այսպիսի առիթներ ճամբորդութիւն մը կրնան համեմել: Նոյն մեծ ընտանիքին պատկանելիութեան զգացողութիւնը երկուքս անմիջապէս կապեց: Այս ճամբորդութեանս ընթացքին հանդիպեցած առաջին հայն էր, յուսամ վերջինը չ’ըլլար, անշուշտ եթէ իրեն պէս խելացի են: Անկասկած որ արմատներու փնտռտուքը խօսակցութիւնը աւելի հետաքրքրական կը դարձնէ:
…………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………………
․ Չինացի բարեկամներէս հրաժեշտ կ’առնեմ, կ’ուզեմ սրճարան մը երթալ ու գրել: Օթեւանիս շատ մօտ ճաշարան մը կը նստիմ եւ կը սկսիմ գրել: Ընթացքին մի քանի կտոր տեղական խոհանոցի խմորեղէններ կը համտեսեմ: Ալեքսը կ’իմակէ, օթեւանիս ճիշդ դիմացի ճաշարանը կը հանդիպինք: Կարճ ընթրիքէ մը ետք, կը բաժնուինք: